2014-01-17 12:26:11

Ի տես ''Ժընեւ2'' բանակցութիւններուն` Սուրիոյ տագնապը, միջազգային զրոյցներու կեդրոնական նիւթ հանդիսացաւ։


Միացեալ նահանգներու նախագահ Օպամա եւ Անգլիոյ վարչապետ՝ Քամերուն
Հեռաձայնային խօսակցութեան մը ընթացքին, կեդրոնացան Սուրիոյ տագնապի լուծումին՝ հայող նիւթերու շուրջ։ Անոնք ընդգծեցին իրենց յանձնառումը ''Ժընեւ 2'' բանակցական համաժողովին եւ անդրադարձան ՝ Սուրիոյ մէջ բախումներուն պատճառաւ մարդկային զոհերու՝ թիւին մտահոգիչ աճումին։
Մինչ այդ, Հինգշաբթի, 16 յունուարին, Մոսկուայի մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար՝ Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի միջեւ, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը։Յաւարտ հանդիպումին, երկու դիւանագէտները, տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ըթացքին, յայտնեցին իրենց աջակցութիւնը սուրիոյ տագնապին լուծման համար՝ հիմնուելով ՄԱԿի որոշումներուն վրայ։
Ռուսիոյ արտագին գործոց նախարարը ընգծեց թէ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Իրանի ներկայութիւնը կարեւոր է»։ Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար` Զարիֆ յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները լաւ ու ամուր են, եւ Իրան Ռուսիան բարեկամ եւ դրացի երկիր կը նկատէ: Ան շեշտեց նաեւ, որ «սուրիացի ժողովուրդը ինք իր ճակատագիրը կը ճշդէ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.